Տոհայի մէջ (Քաթար) յատուկ բանակում մը կատարող Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ երէկ պասքեթպոլի բարեկամական մրցում մը կատարեց Քաթարի ազգային խումբին դէմ, արձանագրեց 87-59 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Լիբանանի մարզիչ Փաթրիք Սապա այս մրցումին դաշտ ներկայացուց իր բոլոր մարզիկները:

Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի տղոց կրտսերներու ազգային խումբը (18 տարեկանէն վար), որ երէկ մրցեցաւ Սուրիոյ դէմ, Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 30 կէտի տարբերութեամբ 81-51 արդիւնքով յաղթեց Սուրիոյ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիբանան, որ գրաւեց երկրորդ դիրքը, ապահովեց Ասիոյ ախոյեանութեան աւարտականներու իր տոմսը:


