«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 14 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ «տաք» ճակատում մը, որուն ընթացքին «Սանթիակօ Պեռնապէօ» իր մարզադաշտին վրայ Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը:
Այս մրցումը սկիզբ պիտի առնէ ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նոյն ժամուն, Լիվըրփուլ հիւրը պիտի ըլլայ Փորթոյի:
Մատրիտի մէջ կատարուելիք այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է իտալացի Ճիանլուքա Ռոքի, որ բաւական լաւ ճանչցուած իրաւարար մըն է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ շատ յաճախ նկատի կ՛առնուի կարեւոր մրցումներու համար:



