Գերմանական Պայէրն Միւնիխ ակումբը պայմանագրութիւն մը կնքեց «Մարիոթ»-ի հետ, ըստ որուն, 2019-2020 տարեշրջանէն սկսեալ «Ալիանց Արենա» մարզադաշտին մէջ պիտի սկսին գործել «Վի. Այ. Փի.»-ի յատուկ բաժիններ, ուր զետեղուած պիտի ըլլան անկողին եւ ոգելից ըմպելիի` «ՊԱՐ»-ի յատուկ բաժին մը:
Այս «Վի. Այ. Փի.» բաժինները պիտի գործածուին թէ՛ «Պունտըսլիկա»-ի եւ թէ՛ ալ միջազգային մրցումներու ընթացքին:



