Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի, լիբանանեան դրամատուներու միջեւ տեղի ունեցող պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ արդէն իսկ թեւակոխած է իր երկրորդ հանգրուանը, կ՛ընթանայ բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ:
Քրետի Լիպանէ իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրելէ ետք, առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ:
Արձանագրուած արդիւնքները եղան բաւական հետաքրքրական, եւ կարգ մը մրցումներ աւարտեցան կէտերու չնչին տարբերութեամբ:
Պանք Լիպանօ – Ֆրանսեզ յաղթեց Աուտէի (76-59), Ֆրանսապանք` Մետիթերանէի (99-78), Պէյրութի դրամատունը` Լիպանօ-Ֆրանսեզի (62-59), Քրետի Լիպանէ` Լուպնան ուալ Մահժարի (54-51) եւ Լուպնան ուալ Մահժար` Սոսիեթէ Ժեներալի (53-47):



