Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, այլ յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ Գ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար ապահովեց Բ. դասակարգի իր տոմսը:
Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դաշտին վրայ երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները իրենց յաղթանակը արձանագրեցին Ֆիտաա Սայտայի դէմ` 59-41 արդիւնքով (8-15, 24-28, 46-36, 59-41):
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Պէյրութը` Բ. դասակարգ բարձրանալուն առիթով:



