Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 10 մարտին տեղի կ՛ունենայ Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս երկրորդ մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, Պաուշրիէ:
Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Անթիլիաս բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց` 82-42 արդիւնքով:
Կ՛ակնկալուի, որ խումբը այսօր եւս յաղթանակ մը արձանագրէ, բնականաբար իր համակիրներուն ներկայութեան:
Անոնց միջեւ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 12 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:


