Շաբաթ, 10 մարտին, «Քեմփինսքի-Սամըրլենտ» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ գործակցութեան յատուկ համաձայնագիրի կնքում` Լիբանանի եւ Քաթարի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն միջեւ:

Թալալ Սալման
Այդ համաձայնագիրը կնքեցին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար եւ Քաթարի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանի:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վահրամ Պարսումեան եւ այլ անձեր, ինչպէս նաեւ հիւրեր եւ մարզական լրագրողներ:
Այս համաձայնագիրին կարեւոր կէտերէն մէկը պիտի ըլլայ այն, որ երկու երկիրներուն ֆետերասիոնները իրարու միջեւ ֆութպոլի մասնագէտներու փոխանակումներ պիտի կատարեն, ինչպէս նաեւ` եթէ կարիքը զգացուի, նոյնիսկ իրաւարարներու փոխանակումներ պիտի կատարուին:
Յայտարարուեցաւ, որ այս համաձայնագիրը ստորագրելով անկասկած երկու երկիրներուն մէջ ֆութպոլը մեծ յառաջխաղացք պիտի արձանագրէ մօտիկ ապագային:


