Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Շանվիլ Տիք Մըհտի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` ՀՄԸՄ-ի տպաւորիչ յաղթանակով: Ան 14 կէտի տարբերութեամբ` 92-78 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը (15-24, 16-25, 23-21, 24-22):
Շանվիլ միայն մրցումին սկիզբը 4-0 արդիւնքով գերազանցեց ՀՄԸՄ-ը, մինչ մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ-ի տինամիք կազմը նոյնիսկ 20 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ (49-29):

PROFOTO
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մաքրամ Պըն Ռամատան (26), մինչ Ուոլթըր Հոճ տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ (16 կէտ, 10 էսիսթ): Սեմ Եանկ նշանակեց 15 կէտ, մինչ Իսմայիլ Ահմետ իր կարգին ունեցաւ բաւական լաւ ելոյթ մը (10 կէտ, 9 ռիպաունտ, 7 էսիսթ): Հայկ Կէօքճեան նշանակեց 12 կէտ, մինչ Սեւակ Քեթենճեան` 5:
Շանվիլէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ֆետի Խաթիպ (25 կէտ, 14 ռիպաունտ):
Շանվիլ միայն ռիպաունտներով աւելի լաւ խաղարկութիւն ունեցաւ` 44` փոխան 36-ի, մինչ մնացեալներուն ՀՄԸՄ ինք եղաւ տիրապետողը, մանաւանդ թըրն-օվըր-ներուն առումով (9` ՀՄԸՄ, 18` Շանվիլ):
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Զիատ Թաննուս:
Երէկ տեղի ունեցած այլ մրցումի մը ընթացքին, Լուէյզի, որ հիւրընկալեց Մութթահետը, կրեց 82-54 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Լուէյզի որոշեց ախոյեանութիւնը շարունակել առանց իր օտարականներուն, այլ միայն լիբանանցիներով:
Ինչ կը վերաբերի շաբաթ օր տեղի ունեցած Պէյրութ – Սաժես մրցումին, որ կատարուեցաւ Շիահի մէջ, Պէյրութ արձանագրեց 86-78 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մայք Էֆիպրա (Պէյրութ) նշանակեց 24 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ), մինչ Պասել Պաուժի եւ Քրիս Քրոֆորտ տապըլ-տապըլ իրագործեցին:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Թատամոն Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզադաշտին մէջ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: