Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին հրաւէրով, Պէյրութի միջազգային օդակայան հասնելէ ետք, Թունուզի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Սալմա Մաուլահի տեսակցեցաւ լիբանանեան ֆետերասիոնին անդամներուն հետ:

Անոնք իրարու հետ խորհրդակցելէ ետք եկան այն եզրակացութեան, որ պէտք է երկու երկիրները իրարու հետ իրենց փոխյարաբերութիւնները զարգացնեն, որպէսզի այս մարզաձեւը աւելի առաջ երթայ, եւ պատրաստուին թենիսի ապագայ աստղեր:
Երկու կողմերը համաձայնեցան, որ ուժը աւելի տրուի տարիքային խումբերուն, եւ եթէ կարիքը զգացուի, լիբանանցի երկսեռ մարզիկները մեկնին Թունուզ` միջազգային մրցաշարքերու եւ դասընթացքներու հետեւելու համար:
Երկու ֆետերասիոններուն նախագահները խոստացան յառաջիկային այլ հանդիպումներ ալ ունենալ:


