Երէկ` կիրակի, 11 մարտին Մանարայի մէջ տեղի ունեցան Ռիատի ակումբի ընտրութիւնները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին ակումբին 325 անդամներէն 228-ն:
Ժողովին օրինականութիւնը ապահովելու համար 217 անդամին կարիքը կար:
Ընտրութիւններուն նախօրեակին, նկատի ունենալով, որ թեկնածու ներկայացած Սելիմ Ռամատան յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը, Մազեն Թապպարայի գլխաւորած ցանկը ամբողջութեամբ ընտրուած նկատուեցաւ մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:
Մազեն Թապպարա ընտրուեցաւ նախագահ, մինչ մնացեալ պաշտօններու բաժանումը տեղի ունեցաւ հետեւեալ ձեւով.
Նատեր Հարիրի` փոխնախագահ, Թամմամ Ժարուտի` ընդհանուր քարտուղար, Հասան Շաքեր` գանձապահ, իսկ Ժիհատ Արապ, Ուսամա Տանտան, Պաշիր Պասաթնա, Ժինա Նաթուր, Հիւսէյն Պաթալ, Խալետ Պասաթնա, Սամիր Համմուտ եւ Մոհամետ Շեհապ` խորհրդականներ:
Այս ընտրութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը` մարզական հարցերու բաժանմունքի նախագահ` Մոհամետ Աուայտաթ:



