Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ իրենց երկրորդ յաղթանակները արձանագրելով ներկայիս կ՛ուղղուին դէպի աւարտական հանգրուան:
Շաբաթ, օր ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ) մրցեցաւ Հուփսի դէմ, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, այս անգամ` 62-46 արդիւնքով (11-18, 12-14, 11-19, 12-11):
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ելենա Լիւշենքա (26 կէտ, 16 ռիպաունտ) եւ Ճեսիքա Պրիլենտ (21 կէտ, 16 ռիպաունտ):
Իսկ Հուփսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մաքայլա Էփս (16):

Լուսանկարը Տրամադրեց՝ Ռանա Մաթար
Երկու կազմերուն միջեւ երրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 12 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կ՛ուղղուի դէպի աւարտական հանգրուան:
Իր կարգին, երէկ Ռիատի Պէյրութ 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` Անդրանիկ Պէյրութը, արձանագրելով 76-60 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անոնց միջեւ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` երեքշաբթի, 13 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Մանարայի մէջ: