Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 30-րդ հանգրուանի մրցումները:
Արսենալ, որ 59 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրընկալեց Ուաթֆորտը, 3-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան դարձեալ փայլեցաւ իր կազմին` Արսենալի հետ, երբ նշանակեց մրցումին երրորդ կոլը (77-րդ), ինչպէս նաեւ նշանակուած երկրորդ կոլին էսիսթը կատարեց: Ան փոխարինուեցաւ 78-րդ վայրկեանին:



