Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումները սկսան երէկ գիշեր, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս մրցումը:

ՀՄԸՄ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` 40 կէտի տարբերութեամբ` 82-42 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (21-12, 21-10, 14-6 եւ 26-14):
Մրցումին տեւողութեան, ՀՄԸՄ նոյնիսկ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 46-ի (82-36):
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը.
Ֆարահ Հարաքէ` 16 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ), Լէյլա Ֆարես` 9 կէտ, Ռեպեքքա Աքըլ` 6 կէտ, 8 էսիսթ, Նաթալի Սվաճեան` 6 կէտ, 4 էսիսթ, Սանտրա Նաժըմ` 5 կէտ, Քաթերին Հաժ` 6 կէտ, Մակի Զաքարեան` 3 կէտ, Ելենա Լուշենքա` 16 կէտ, 7 ռիպաունտ, 5 էսիսթ, Ճեսիքա Պրիլենտ` 15 կէտ, 14 ռիպաունտ, 5 էսիսթ:
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռիշար Հաժ, Մանսուր Ռեյես եւ Ռոժէ Օպէյտ: Մրցումը տեւեց 1 ժամ 16 վայրկեան: