Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 18 մարտին, ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Սաժեսի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի կազմէն կ՛ակնկալուի անպայման յաղթանակ մը արձանագրել մրցակիցին դաշտին վրայ: