Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-սիքսի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Պէյրութ կատարեց իր առաջին մրցումը, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Անտաքըթի դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ մրցակից կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Խաչիկ Սերոբեան:
ՀՄԸՄ Պէյրութ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ նոյն դաշտին վրայ, երբ հինգշաբթի, 22 մարտին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, կը մրցի Քալաաթ Թըպնինի դէմ: