Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, երէկ` կիրակի, 18 մարտին, Արսուն-Քըրնայել շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի լեռնային շրջաններու ռելիի առաջին մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 29 ինքնաշարժներ:
Անոր ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ, որոնք եկած էին քաջալերելու լիբանանցի վարորդները:

Առաջին դիրքը գրաւեց եւ տարեշրջանի իր առաջին տիտղոսին տիրացաւ Ռոժէ Ֆըղալի, որ իր ինքնաշարժին` «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-6»-ի հետ արձանագրեց` 4′ 36″ 64 արդիւնք մը:
Երկրորդ հանդիսացաւ Ռուտոլֆ Ասմար, որ արձանագրեց 4′ 47″ 27 արդիւնք մը իր ինքնաշարժին` «Սքոտա Ֆապիա»-ի հետ:
Իսկ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ Փոլ Քըսէյֆի («Էվօ-9»), որ արձանագրեց 4′ 49″ 50 արդիւնք մը:
Նշենք, որ հայ փորձառու վարորդ Կարօ Յարութիւնեան շատ մօտ էր փոտիում բարձրանալուն, բայց ան իր ինքնաշարժին` «Էվօ-6»-ի հետ չնչին տարբերութեամբ գրաւեց չորրորդ դիրքը (4′ 49″ 99):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն: