Երէկ առաւօտեան Արժանթինէն Հայաստան հասաւ Աթլեթիքօ Հուրաքանի յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ, որ Զուարթնոց օդակայանին մէջ արժանացաւ ջերմ եւ սիրալիր ընդունելութեան:

Պրիասքօ վերջերս հրաւէր ստացաւ միանալու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին` յառաջիկային տեղի ունենալիք բարեկամական երկու մրցումներու համար:


