«Առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ» սկզբունքին հետեւելով` Ճեմարանի աշակերտները կրթական, մշակութային եւ այլ մրցանքներու կողքին, կը մասնակցին ԼԵՎԱՄ-ի եւ զանազան մարզաձեւեր ընդգրկող մրցաշարքերու եւս:
Մարզական այս մրցաշարքերուն ծիրին մէջ, Ժամհուրի «Նոթըր Տամ» դպրոցի կազմակերպած պասքեթպոլի «Ժորժ Ուաքիմ» 2017-2018 մրցաշարքի, քանի մը շաբաթավերջերու վրայ երկարող մրցումներուն, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Էլիզէ, Շամվիլ, Սեն Ժոզեֆ եւ Ժամհուրի «Նոթըր Տամ» խումբերուն, Ճեմարանի պասքեթպոլի խումբը տիրացաւ բաժակին:
Ճեմարանի մարզիկներուն համար յիշեալ մրցաշարքը հետաքրքրական փորձառութիւն մըն էր, անոնք ծանօթացան նոր խումբերու եւ նոր խաղաոճերու: