Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Փիւնիկ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ալաշկերտը, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այս մրցումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Փիւնիկի նախկին խաղացող է: