Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար, մնալու համար իր ակումբին հետ, աշխատավարձի յաւելում կը պահանջէ, կը յայտնէ «Տը Թայմզ»:
Կը նշուի, որ փոխան շաբաթական 750 հազար եւրոյի, ան կը պահանջէ 1,1 միլիոն եւրօ:
Ասիկա ցարդ պաշտօնական չի նկատուիր, որովհետեւ անոր ակումբին կողմէ ոչինչ կը յայտարարուի:
Ըստ այլ լուրերու, կը նշուի, որ ան մտադիր չէ վերադառնալու փարիզեան ակումբ եւ այլ կազմի մը փնտռտուքի աշխատանքին մէջ է:
Կը հաղորդուի, որ Նէյմարով մօտէն հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտ:



