Շաբաթ, 17 մարտին, Մանարայի դաշտին վրայ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ռիատի Պէյրութի եւ Փեթրոշիմիի (Իրան) միջեւ:
Անիկա աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին քիչ մը ծանր պարտութեամբ` նկատի ունենալով, որ իրանեան կազմը 30 կէտի տարբերութեամբ` 83-53 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Իրանեան կազմէն ամերիկացի Մայք Հերիս նշանակեց 37 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:
Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տոնթէ Կրին (15):