Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, հայրենի կռփամարտիկները կը շարունակեն իրենց յաղթական ելոյթները:
Հայրենի երեք կռփամարտիկներ Նարեկ Աբգարեան, Արամ Աւագեան եւ Գոռ Երիցեան տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն դէմ:
Անոնք հանդէս կու գան «Փանչ Պոքսինկ Փրոմոշըն» խումբին հետ:
Հայաստանի հաւաքականին կռփամարտիկներուն մենամարտերուն հետեւեցաւ նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեան: