Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես-ՀՄԸՄ մրցումը:

PROFOTO
Այս մրցումը, որ եղաւ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով: Վերջինս մրցումին վերջին երկվայրկեանին Մաքրամ Պըն Ռամատանի նշանակած պազըր-պիթըրին շնորհիւ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 83-81 արդիւնքով (19-22, 23-20, 20-19 եւ 19-22):
Իւրաքանչիւր խումբ ամէն անգամ, որ կը փորձէր կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել, արդիւնքը դարձեալ կը շրջուէր:
Պէտք է նշել, որ մանաւանդ ՀՄԸՄ-ի էսիսթները եղան այս կարեւոր յաղթանակը կերտողները` 23 փոխան 9-ի:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սամուէլ Եանկ (27), մինչ Ուոլթըր Հոճ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ, 10 էսիսթ): Իսմայիլ Ահմետ նշանակեց 16 կէտ, Մաքրամ Պըն Ռամատան` 11, Հայկ Կէօքճեան 6, իսկ Էլի Շամուն` 3:
Օրուան իրաւարարներն էին Զիատ Թաննուս, Փոլ Սքայեմ եւ Ժորժ Սաատ:
Այսօր որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ: