Երէկ, Փենանկէն (Մալեզիա) Լիբանան վերադարձաւ Աւետիս Սերոբեան, որ իր մասնակցութիւնը բերած էր 13-19 յունիսին տեղի ունեցած միջազգային Ուու-շուի իրաւարարներու քննութեան:
Աւետիս Սերոբեան, որ արդէն իսկ ունէր Բ. կարգի վկայական, յաջողեցաւ իր կատարած քննութիւններուն ընթացքին սքանչելի արդիւնքներ ձեռք ձգելով ստանալ Ա. կարգի իր վկայականը:
Ան իր այս վկայականը ստացաւ Ուու-շուի միջազգային ֆետերասիոնի փոխնախագահ Անթոնի Կոհէն:
Այժմ, Լիբանան իր վերադարձով, Աւետիս Սերոբեան իր խումբին հետ պիտի պատրաստուի 26-30 սեպտեմբերին Վարկասի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունենալիք աշխարհի 3-րդ թայչի ախոյեանութեան:
Կը շնորհաւորենք Աւետիս Սերոբեանի կատարած այս կարեւոր եւ նոր նուաճումը, որուն ընդմէջէն ան կու գայ բարձր պահելու լիբանանահայութեան անունը` միջազգային գետնի վրայ:
Անոր կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ: