Արհեստավարժ կռփամարտի թեթեւագոյն քաշային կարգին մէջ, «Տապըլիու. Պի. Էյ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան, Ուքրանիոյ ներկայացուցիչ Արտեոմ Դալլաքեան (17-0, 12-ը` նաք-աութով) պաշտպանեց ախոյեանական գօտին:
Անոր մրցակիցն էր թայլանտցի Սիրիչայի Թայեն, որ պարտուեցաւ 50-4 եւ 35` նաք-աութով:
Քիեւի մէջ (Ուքրանիա) տեղի ունեցած այս մենամարտին, Դալլաքեան թեքնիք նաք-աութով յաղթելով առաջին անգամ ըլլալով պաշտպանեց տիտղոսը:
30 տարեկան Դալլաքեան ախոյեան հանդիսացած էր նախորդ փետրուարին` Միացեալ Նահանգներու մէջ, երբ յաղթած էր ամերիկացի Պրայըն Վիլորիային: