Ընթրիքի երեկոյի մը ընթացքին Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբը կատարեց իր տարեկան հանդիսութիւնը «Նասամաթ» ճաշարանին մէջ (Ռումիէ-Քլէյաաթ)` ներկայութեամբ քաղաքական անձնաւորութիւններու, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամներուն, շրջանի քաղաքապետութիւններուն, ակումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Լուէյզիի պասքեթպոլի եւ ֆութսալի խումբերուն:
Հանդիսութեան ընթացքին ակումբի նախագահ հայր Զիատ Անթուն բարձր գնահատեց ակումբին ձեռք ձգած յաջողութիւնները` խմբային թէ անհատական մրցումներուն ընթացքին:
Ան գնահատեց նաեւ ակումբին արձանագրած բացառիկ արդիւնքները դպրոցական տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններուն ընթացքին` աշակերտներուն մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: