Մարզական

Պատրաստուելու Համար Նոր Տարեշրջանին` Ախա Ահլի Ալէյ Այսօր Կը Սկսի Իր Փորձերուն

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Ախա Ահլի Ալէյ յայտարարեց, որ այսօր` երեքշաբթի, 19 յունիսին, խումբը կը սկսի իր փորձերուն` պատրաստուելու համար 2018-2019 տարեշրջանին: Այս փորձերուն պիտի մասնակցին խումբին բոլոր մարզիկները` հսկողութեամբ իրաքցի գլխաւոր մարզիչ Ապտել Ուահապ Ապու Հելի, որուն օգնականները պիտի ըլլան Սայիտ Իսքանտար եւ իրաքցի Մուին Ժամիլ (Վերջինս բերդապահներու...

Ձիավարութիւն. Զըղրին Ակումբին Կազմակերպած Մրցաշարքին Մասնակցեցան 73 Երկսեռ Մարզիկներ

Կազմակերպութեամբ Զըղրին ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի ունեցան ձիավարութեան մրցումները (արգելարշաւ)` մասնակցութեամբ 73 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ակումբներ, որոնք արձանագրուած են ձիավարութեան ֆետերասիոնին մօտ: Բ. կարգի մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց Մարեք Մայթալա, որ մաս կը կազմէ Տըպպայէ Քաունթրի Քլապին: Տեղի ունեցան նաեւ տարբեր կարգերու մրցումներ: Մրցանակաբաշխութեան ներկայ եղան Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնի...

Հրացանաձգութիւն. Ալեն Մուսա Հինգերորդ` Աշխարհի Ախոյեանութեան

Երէկ` երկուշաբթի, 18 յունիսին, Մալթայէն Լիբանան վերադարձաւ Լիբանանի հրացանաձգութեան պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք աշխարհի ախոյեանութեան: Ալեն Մուսա Լիբանանեան պատուիրակութեան անունը եկաւ բարձր պահելու Ալեն Մուսա, որ յաջողեցաւ ապահովել վերջին հանգրուանի իր տոմսը եւ աւարտին գրաւել 5-րդ պատուաբեր դիրքը: Անոր կողմէ վրիպած երեք հարուածները սուղ արժեցին, այլապէս ան անկասկած մրցանակային տեղ մը կրնար գրաւել: Լիբանանեան կազմին մէջ էին նաեւ Ռէյ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նեպի Շիթ Ակումբը Փոխեց Իր Անունը

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի կազմերէն Նեպի Շիթ իր գումարած մէկ ժողովին տուաւ կարգ մը կարեւոր որոշումներ: Նախ եւ առաջ ակումբը փոխեց իր անունը, որ վերածուեցաւ Պեքաա-Ղարպիի, կեդրոնը` Նեպի Շիթ: Յայտարարուեցաւ, որ ակումբի նախագահի ընտրութիւններուն համար թեկնածուներուն առաջադրման պայմանաժամը կը մնայ բաց, մինչեւ 8 յուլիս 2018: Պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին` խումբը շուտով պիտի սկսի իր փորձերուն: Նոր մարզիչին անունը...

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

- Մեքսիքա Ստեղծեց Առաջին Անակնկալը` 1-0 Արդիւնքով Յաղթելով Գործող Ախոյեան Գերմանիոյ - Իսլանտա Նշանակեց Մոնտիալի Իր Առաջին Կոլը. Մեսսի Ձախողեցաւ Փենալթին Կոլի Վերածել - Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Հեթրիքի Հեղինակ` Փորթուգալ - Սպանիա Մրցումին 3-3 Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին ծիրին մէջ, երէկ եւ անցնող երկու օրերուն կատարուեցան տասը մրցումներ` տարբեր խմբակներու մէջ: Զ. խմբակին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Լուզնիքիի դաշտին վրայ...

Հայաստաի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Շիրակի Անդամակցութիւնը Կասեցուեցաւ

Հայկական լրատուամիջոցներ երէկ յայտնեցին, որ Գիւմրի Շիրակի ֆութպոլի ակումբին անդամակցութիւնը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, կասեցուեցաւ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէին անդամները քննարկեցին Գիւմրի Շիրակ ակումբին կողմէ բազմաթիւ կանոններու խախտումներու հարցը, պայմանաւորուած մրցումի կազմակերպման մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ամէն գնով վարկաբեկելու փորձերը:

Հենրիխ Մխիթարեանի «Միքի-Թոյ»-ի Շնորհահանդէսը

Շաբաթ, 16 յունիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի «Միքի-Թոյ»-ի շնորհահանդէսը: Անոր ներկայ եղան բազմաթիւ ֆութպոլասէրներ: Ո՛չ միայն փոքրեր, այլ նաեւ մեծեր եկած էին «Միքի Թոյ»-ի մակագրուած խաղալիքը ստանալու:

Թենիս. Ֆետերերի 98-րդ Տիտղոսը

Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր երէկ տիրացաւ Շթութկարթի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին: Ան աւարտականին 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց քանատացի Միլոս Ռաոնիչին` 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով: Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ եւ 18 վայրկեան: Այսպիսով, 36 տարեկան ֆետերեր տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 98-րդ եւ այս տարեշրջանի իր երրորդ տիտղոսին:

Պէյլ Կ՛ուզէ Մնալ Ռէալ Մատրիտի Մէջ

«Ի. Էս. Փի. Էն.» կը հաղորդէ, թէ Ռէալ Մատրիտի եւ Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Կերըթ Պէյլ ակումբին մէջ տեղի ունեցած մարզիչի փոփոխութենէն ետք կ՛ուզէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Սպանիոյ մէջ: 28 տարեկան ֆութպոլիստը նախապէս կ՛ուզէր փոխել իր ակումբը, որովհետեւ նախկին մարզիչ Զինետին Զիտանի կողմէ բաւարար ժամանակ չէր ստանար մրցումներուն մասնակցելու: Նշենք, որ արքայական ակումբին հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի...

2018-ի Մոնտիալ.  Վլատիմիր Փութին Պաշտօնապէս Բացուած Յայտարարեց Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

2018-ի Մոնտիալ. Վլատիմիր Փութին Պաշտօնապէս Բացուած Յայտարարեց Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

Երէկ յետմիջօրէին պաշտօնական արարողութեամբ մը աշխարհի ֆութպոլի մեծագոյն մրցաշարքը` մոնտիալը պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ 2018-ի այս իրադարձութիւնը հիւրընկալող երկրին` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ: Մոնտիալի բացման իր խօսքին մէջ Փութին ըսաւ. «Ֆութպոլը, իսկապէս, սիրուած է մեր երկրին մէջ: «Կ՛ակնկալեմ, որ համակիրները եւ մրցաշարքին մասնակցող խումբերը ըմբոշխնեն իրենց կեցութիւնը Ռուսիոյ մէջ: «Ֆութպոլը բոլորս կը միացնէ իբրեւ մէկ խումբ. բոլորս այս իւրայատուկ առիթին...

Երեքշաբթի, 19 Յունիսին. Նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Կանչէ Իր Մօտ` Հետաքննութեան Համար

Երէկ` հինգշաբթի, 14 յունիսին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը: Ան Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երեքշաբթի, 19 յունիսին կանչեց իր մօտ` քննելու համար այն հարցը, թէ ինչո՞ւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը ՖԻՖԱ-ի համագումարին ընթացքին քուէարկեց ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու եւ ոչ թէ Մարոքի` 2026-ի մոնտիալը հիւրընկալելու գծով: Նախարարութիւնը իր զարմանքը յայտնեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը քուէարկեց ի նպաստ Միացեալ...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  25-27 Օգոստոսին` Լիբանանի 40-րդ Միջազգային Ռելին

Լիբանանի 41-րդ Միջազգային Ռելի. Հինգշաբթի, 21 Յունիսին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, հինգշաբթի, 21 յունիսին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, վերոնշեալ ակումբին մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելիին մասին: Այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ:

2018-ի Մոնտիալ. Թուաբանական Հաշիւներ Կատարողները Յայտնեցին, Թէ Ո՛ր Երկիրը Պիտի Ըլլայ Ախոյեան

Գերմանիոյ եւ Պելճիքայի համալսարանական գիտնականներու խումբը իրադարձութիւններու հաւանական զարգացումներու, ինչպէս նաեւ երկիրներու եւ խումբերու վիճակագրական տուեալներու, հարիւր-հազար տարբերակներու վերլուծութեամբ թուաբանական հաշիւ կատարելով ներկայացուց Ռուսիոյ մէջ կատարուող 2018-ի մոնտիալի տիտղոսակիրին անունը: Առաջինը դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Սպանիա` 17,8 առ հարիւր հաւանականութեամբ: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Գերմանիա (17,1) եւ Պրազիլ (12,3): Հիւրընկալ երկիրը` Ռուսիա, յոյս չունի տիտղոսին տիրանալու...

Ըստ «Պի. Պի. Սի.»-ին. Պելճիքա Պիտի Տիրանայ Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Տիտղոսին

Անգլիական «Պի. Պի. Սի.»-ն կատարած է ուսումնասիրութիւն մը նպատակ ունենալով կանխատեսել, թէ ո՞ր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը պիտի տիրանայ 2018-ի մոնտիալի տիտղոսին: Ուսումնասիրութեան առաջին հանգրուանին, 32 մասնակցողներէն 24-ը դուրս մնացած են` նկատի ունենալով, որ մոնտիալի պատմութեան մէջ ախոյեան դարձած են վիճակահանութեան ընթացքին առաջին կողովին մէջ ընդգրկուած խումբերը: Այս սկզբունքով մնացած են հետեւեալ 8 խումբերը` Ֆրանսա, Գերմանիա, Պրազիլ, Փորթուգալ, Արժանթին, Պելճիքա,...

Ռոպերթ Խաչատրեան` Հայաստանի Ըմբշամարտի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Հայկական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ Ռոպերթ Խաչատրեան ընտրուած է Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի նախագահ: Ֆետերասիոնի նիստը վարած է ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնակատար, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան: Խաչատրեան միաձայնութեամբ ընտրուած է նախագահ:

Պուսքեց Քննադատեց Պարսելոնայի Նախագահը

Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Սերճիօ Պուսքեց քննադատեց քաթալոնական ակումբի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէուն, որ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին յաջողութիւն մաղթեց 2018-ի մոնտիալին ընթացքին: «Պարսելոնայի կազմին մէջ կան բազմաթիւ ֆութպոլիստներ, որոնք մաս կը կազմեն տարբեր երկիրներու ազգային խումբերուն: Ինչո՞ւ միայն յաջողութիւն մաղթել Արժանթինին` տիտղոսին տիրանալու համար: Կ՛երեւի, թէ ան շատ կը սիրէ Լիոնել Մեսսին եւ Մասքերանոն», ըսաւ...

«Ֆորպզ». Մանչեսթըր Եունայթըտ` Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Ակումբը

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Մանչեսթըր Եունայթըտ գլխաւորեց «Ֆորպզ»-ի կողմէ հրապարակուած` աշխարհի ամէնէն սուղ ֆութպոլի ակումբներուն դասաւորման առաջին դիրքը: Անգլիական ակումբին արժէքը աւելցաւ 12 տոկոսով եւ այժմ կը կազմէ 4,123 միլիառ ամերիկեան տոլար: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտ (4,088 միլիառ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Պարսելոնա (4,064 միլիառ):

Ֆիլիփօ Ինցակի` Պոլոնիայի Մարզիչ

Իտալական Պոլոնիա ֆութպոլի ակումբի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Ֆիլիփօ Ինցակի: Ակումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2020: 44 տարեկան Ինցակի, որ նախապէս եղած է Ա. Սէ. Միլանի մարզիչ, այսպիսով փոխարինեց Ռոպերթօ Տոնատոնին:

2018-ի Մոնտիալ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Աշխարհի Ախոյեանութեան Պաշտօնական Բացումը, Որուն Կը Յաջորդէ Ռուսիա – Սէուտական Արաբիա Բացման Մրցումը

Ռուսիա - Սէուտական Արաբիա բացման մրցումով այսօր` հինգշաբթի, 14 յունիս 2018-ին մեկնարկը կը տրուի 2018-ի մոնտիալին, որ ամբողջ ամիս մը պիտի զբաղեցնէ ֆութպոլասէր հասարակութիւնը` խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով տարբեր քաղաքներու դաշտերուն վրայ կատարուելիք մրցումներուն ընդմէջէն: Ընդհանրապէս իւրաքանչիւր մոնտիալի ընթացքին կը բացայայտուին ֆութպոլի աստղեր, որոնք կը դառնան շարք մը ակումբներու ուշադրութեան առարկան: Նշենք, որ այսօրուան յայտագիրին վրայ եղող միակ մրցումը, (Ա. խմբակ)...

Յատուկ Երեկոյի Մը Ընթացքին.  Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Լիբանանի Հիւրընկալելիք Քառանդամ Մրցաշարքին Մասին

Յատուկ Երեկոյի Մը Ընթացքին. Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Լիբանանի Հիւրընկալելիք Քառանդամ Մրցաշարքին Մասին

21-23 յունիսին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ պասքեթպոլի միջազգային քառանդամ մրցաշարք մը, որուն կը մասնակցին Հայաստան, Եգիպտոս, Քաթար եւ հիւրընկալ երկիրը` Լիբանան: Խումբերը իրարու դէմ պիտի մրցին մէկական անգամ եւ դասաւորման առաջին դիրքը գրաւողը պիտի հանդիսանայ ախոյեան: Այս մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով մրցաշարքը կազմակերպող ընկերութիւնը` «Սթեփ ըհետ սփորթ սքուլ», «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը: Ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի...

Page 828 of 1278 1 … 827 828 829 … 1,278

Արխիւներ