Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան 21-23 յունիսին պիտի հիւրընկալէ պասքեթպոլի միջազգային բարեկամական մրցաշարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
Սկզբունքով մրցաշարքին պիտի մասնակցէին չորս երկիրներու տղոց ազգային խումբերը: Սակայն մետասաներորդ պահուն Եգիպտոս քաշուեցաւ մրցաշարքէն:
Նախկին յայտագիրին հիմամբ, իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենար երկու մրցում: Սակայն այժմ, նոր յայտագիրին հիմամբ, իւրաքանչիւր օր պիտի կատարուի մէկ մրցում` հետեւեալ ձեւով.
ԱՅՍՕՐ | ԺԱՄ |
Լիբանան – Քաթար | 21:30 |
ՎԱՂԸ | |
ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Քաթար | 21:30 |
ՇԱԲԱԹ | |
Լիբանան – ՀԱՅԱՍՏԱՆ | 21:30 |
Այսօր, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ մրցաշարքին բացման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ լիբանանցի երգիչ Նաժի Քոսթա: