Իր գումարած մէկ ժողովին ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննեց իր օրակարգին վրայ գտնուող կարեւոր հարցերը:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Պահրէյնի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ 6-րդ ախոյեանութեան:
Ուրբաթ, 22 յունիսին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութիւններուն վիճակաձգութիւնը, ներառեալ` Ա. եւ Բ. դասակարգին մէջ:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան), կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ:
Երեքշաբթի, 17 յուլիսին, սկիզբ պիտի առնէ Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի 2017-2018 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը:
Ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ երեք ակումբներու` Անսարի, Աթլեթիքոյի եւ Շաալայի ընտրութիւնները վաւերացուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ:
Երեք ակումբները ունեցան իրենց նախագահները` հետեւեալ ձեւով. Անսար` Նեպիլ Պատըր, Աթլեթիքօ` Ռընէ Անթուան Ժաք, Շաալէ` Մոհամետ Հասան Համմուտ:


