– Անգլիա Արձանագրեց Դժուար Յաղթանակ Մը` Թունուզի Դէմ (2-1)
– Այսօր` Ռուսիա – Եգիպտոս
Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին հինգերորդ օրը, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:
Առաջին մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Շուէտը եւ Հարաւային Քորէան (Զ. խմբակ), աւարտեցաւ եւրոպական կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին «որբ» կոլը նշանակեց Անտրէաս Կրանքվիսթ, 65-րդ վայրկեանին փենալթիով:
Կրանքվիսթ բացառիկ ներկայացում մը ունեցաւ այս ճակատումին:
Նիժնի Նովկորոտի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր աւելի քան 42 հազար հանդիսատես, մինչ օրուան իրաւարարն էր Ժոել Ակուիլար (Սալվատոր):
Այս մրցումին յաջորդեց Պելճիքա – Փանամա մրցումը (Է. խմբակ), որ տեղի ունեցաւ Ֆիշթի մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ 43 հազար հանդիսատեսներու: Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Ժաննի Սիքազուէ (Զամպիա):
Մրցումը եղաւ գրեթէ միակողմանի, որուն ընթացքին եւրոպական կազմը նշանակեց երեք անպատասխան կոլ` շնորհիւ Տրիես Մերթենսի (47-րդ) եւ Ռոմելու Լուքաքուի (69-րդ եւ 75-րդ): Վերջինս մաս կը կազմէ Մանչեսթըր Եունայթըտի:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ «Վոլկոկրատ Արենա»-ի մէջ` ներկայութեամբ 41 հազար հանդիսատեսներու, իրարու դէմ մրցեցան Անգլիա եւ Թունուզ (Է. խմբակ): Օրուան իրաւարարն էր քոլոմպիացի Վիլմար Ռոլտան:
Այս մրցումը եւս աւարտեցաւ եւրոպական կազմի մը յաղթանակով, այս անգամ` 2-1 արդիւնքով:
Ցարդ տեղի ունեցած 13 մրցումներուն ընթացքին եւրոպական կազմերը արձանագրած են 8 յաղթանակ:
Սակայն Անգլիա երէկուան իր այս յաղթանակը արձանագրեց քիչ մը դժուարութեամբ` մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (91-րդ):
Անգլիոյ այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ խմբապետ Հերի Քէյն, որ տուպլէ մը իրագործեց (11-րդ եւ 91-րդ):
Թունուզ իր կոլը նշանակեց փենալթիով` շնորհիւ Ֆերժանի Սասիի:
Մրցումին 15-րդ վայրկեանին Թունուզի բերդապահ Մուեզ Հասսեն վիրաւորուեցաւ եւ անոր տեղ դաշտ ներկայացաւ Ֆարուք Պըն Մուսթաֆա:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, Եգիպտոս, որ պիտի մրցի մոնտիալը հիւրընկալող երկրին` Ռուսիոյ դէմ, ճակատագրական ճակատում մը ունի կատարելիք, որովհետեւ երկրորդ պարտութեան մը պարագային անիկա կրնայ դուրս մնալ, եթէ վաղը Ուրուկուէյ յաղթէ Սէուտական Արաբիոյ:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԺԱՄ | |
Քոլոմպիա – Ճափոն (Ը. խմբակ) | 15:00 |
Լեհաստան – Սենեկալ (Ը. խմբակ) | 18:00 |
Ռուսիա – Եգիպտոս (Ա. խմբակ) | 21:00 |