– Ուրուկուէյ Եւս Ապահովեց 1-16-րդ Հանգրուանի Իր Տոմսը
– Մարոք, Սէուտական Արաբիա Եւ Եգիպտոս Չկրցան Յաջորդ Հանգրուան Հասնիլ
Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին եօթներորդ օրը, երէկ տեղի ունեցած երեք ճակատումներն ալ աւարտեցան 1-0 արդիւնքով:
Ա. խմբակին մէջ տեղի ունեցած Ուրուկուէյ – Սէուտական Արաբիա ճակատումին, յաղթական կազմին յաղթանակը կերտեց Պարսելոնայի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ (23-րդ):
«Ռոսթով Արենա»-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էին շուրջ 43 հազար հանդիսատեսներ, իսկ օրուան իրաւարարն էր Քլեման Թիւրփին:
Ռուսիոյ նման իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով, Ուրուկուէյ իր կարգին ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը, մինչ Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա այսպիսով դուրս կը մնան մոնտիալէն, թէեւ մրցում ունին կատարելիք իրարու դէմ:
Փորթուգալ եւ Սպանիա (Բ. խմբակ), որոնք բացման մրցումին 3-3 հաւասարութեամբ բաժնուած էին իրարմէ, երէկ արձանագրեցին իրենց առաջին յաղթանակը: Փորթուգալ յաղթեց Մարոքին (1-0), իսկ Սպանիա` Իրանի (1-0):
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց կոլ մը` 4-րդ վայրկեանին, 78 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Անոր նշանակած այս կոլին (4-րդը` այս մոնտիալին) պատճառով անոր մրցակիցը` Մարոք, այսպիսով դուրս կը մնայ մոնտիալէն:
Իսկ Սպանիա նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Իրանին` շնորհիւ Տիեկօ Քոսթայի նշանակած կոլին (54-րդ):
Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Իրան բաւական լաւ ներկայացում մը ունեցաւ:
Իրանցի մարզիկի մը նշանակած կոլը օրուան իրաւարար Անտրես Քունհայի կողմէ (Ուրուկուէյ) չեղեալ նկատուեցաւ, երբ ռիփլէյի դրութեան դիմուեցաւ:
Սակայն Իրան տակաւին յոյս ունի յաջորդ հանգրուան հասնելու:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԺԱՄ | |
Դանիա – Աւստրալիա (Գ. խմբակ) | 15:00 |
Ֆրանսա – Փերու (Գ. խմբակ) | 18:00 |
Արժանթին – Խրուաթիա (Դ. խմբակ) | 21:00 |