Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար երէկ չկրցաւ իր խմբակիցներուն հետ ամբողջական փորձերու մասնակցիլ:
«Սքայ Սփորթց» հաղորդեց, որ թեթեւ վնասուածք ունեցող Նէյմար, Թիակօ Սիլվայի եւ Փաուլինիոյի հետ մնաց պանդոկին մէջ, ուր շատ թեթեւ փորձերու մասնակցեցաւ` փորձելով զօրացնել իր մկանները, առանց յաւելեալ ճնշումներու ենթարկուելու:
2018-ի մոնտիալի բացման մրցումին Պրազիլի յառաջապահ Նէյմար Զուիցերիոյ մարզիկներուն կողմէ տասը անգամ ֆաուլի ենթարկուեցաւ:
Ուրբաթ, 22 յունիսին, Պրազիլ կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Քոսթա Ռիքայի դէմ:



