ՍԱՐԳԻՍ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Միջազգային ֆութպոլի ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, հիմնուեցաւ 1904-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ: Այդ ժամանակ միայն 10 երկիրներու մէջ օրինաւոր մրցումներ տեղի կ՛ունենային, բոլորն ալ` Եւրոպայէն:
1921-ին 48 տարեկան ֆրանսացի Ժիւլ Ռիմէ, որ ընտրուեցաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ, քանի մը առիթներով ժողովներ գումարեց աշխարհի ախոյեանութիւն մը կազմակերպելու համար, սակայն չյաջողեցաւ:
1928-ին ան յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ (Ամսթերտամի մէջ տեղի ունեցած ողիմպիականին ընթացքին), եւ որոշուեցաւ առաջին մոնտիալը կայացնել 1930-ին, Ուրուկուէյի մէջ: Այդ մոնտիալին իրենց մասնակցութիւնը բերին 13 երկիրներ:
Ուրուկուէյ տիրացաւ առաջին մոնտիալի տիտղոսին եւ բարձրացուց 2 քկ կշռող, Ժիւլ Ռիմէի անունը կրող այս բաժակը:
Այսպիսով, մոնտիալը սկսաւ տեղի ունենալ 4 տարին անգամ մը, մինչեւ 2014 (այսինքն` 20 անգամ): Համաշխարհային Բ. պատերազմին պատճառով անիկա երկու անգամ տեղի չունեցաւ (1942 եւ 1946):
Այդ 20 մոնտիալներուն Պրազիլ 5 անգամ հանդիսացած է ախոյեան, Գերմանիա եւ Իտալիա` 4-ական անգամ, Ուրուկուէյ եւ Արժանթին` 2-ական անգամ, իսկ Անգլիա, Ֆրանսա եւ Սպանիա` մէկական անգամ:
Մոնտիալներուն ընթացքին լաւագոյն կոլսքորըրը եղած է գերմանացի Քլոզէ (16 կոլ), ապա` պրազիլցի Ռոնալտօ (15 կոլ):
Մէկ մոնտիալի ընթացքին ամէնէն շատ կոլը նշանակած է ֆրանսացի Ժիւսթ Ֆոնթէն` 13 կոլ (Շուէտ, 1958):
1950-ին, Պրազիլի մէջ, Պրազիլ – Ուրուկուէյ աւարտական մրցումին ամէնէն շատ համակիրները ներկայ գտնուած են (198.500):
Մոնտիալներու պատմութեան մէջ ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը (43 տարեկան) եղած է Քոլոմպիոյ բերդապահ Մոնտրական:
Ինչ կը վերաբերի այժմ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին, նախկին Խորհրդային Միութիւնը շատ ուշ անդամակցեցաւ ՖԻՖԱ-ին` 1946-ին (Լիբանան` 1935-ին):
Այստեղ նշենք, որ անցեալին նախկին Խորհրդային Միութեան հաւաքականին խմբապետներէն մէկը եղած է հայ մը` Նիքիթա Սիմոնեան (1956):
1991-ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք խումբը սկսաւ ճանչցուիլ իբրեւ Ռուսիոյ հաւաքական: Ատիկա պատճառ դարձաւ, որ 15 հանրապետութիւններ բաժնուին անկէ եւ ունենան իրենց տարբեր ֆետերասիոնները, ներառեալ` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Վերջին 7-8 տարիներուն, բաւական բծախնդիր ձեւով աշխատելով, Ռուսիա իրաւունք ստացաւ կազմակերպելու 2018-ի մոնտիալը:
Իր թեկնածութիւնը յաջողցնելու համար անիկա չորս նոր մարզադաշտեր կառուցեց:
Այժմ այս մոնտիալը սկսած է:
Ցարդ գրեթէ բոլոր մրցումներուն մակարդակը միջակ եւ անկէ վար է, բացի` Սպանիա – Փորթուգալ մրցումէն:
Ուշագրաւ երեւոյթ է այն, որ այս մոնտիալին իրաւարարը իրաւունք ունի իրեն համար կասկածելի նկատուող որեւէ կէտի պարագային ռիփլէյ պահանջելու:
Ինչ կը վերաբերի իրաւարարներու մակարդակին, ցարդ անոնք միջակէն վեր չեն:
Եզրակացնելու համար պէտք է խոստովանիլ, որ Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ ֆութպոլը մեծ յառաջխաղացք արձանագրած է, եւ այդ ցամաքամասերուն խումբերը այդքան ալ դիւրութեամբ չեն յանձնուիր մեծ խումբերուն:
2018-ի մոնտիալին ազդանշանը տրուելէն քանի մը օր առաջ ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, թէ 2026-ի մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ:
Մոնտիալի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով 2026-ին պիտի մասնակցին… 48 խումբեր:
Այժմ մեզի կը մնայ վայելել 2018-ի մոնտիալը` տեսնելու համար, թէ ի՞նչ անակնկալներ պիտի կատարուին: