Ինչպէս ծանօթ է, 21-23 յունիսին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի կ՛ունենայ պասքեթպոլի քառանդամ մրցաշարք մը` կազմակերպութեամբ «Սթեփ Ըհետ Սփորթց Սքուլ»-ին, հովանաւորութեամբ «Էլիթ Ինշուրընս»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Մրցաշարքին մասնակցող խումբերն են Հայաստան, Քաթար, Եգիպտոս եւ Լիբանան:
Երէկ Լիբանան հասաւ Քաթարի ազգային խումբը, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբին պատասխանատուներէն Լէյլա Ֆարեսի եւ Էլի Նաժըմի կողմէ:
Մրցաշարքին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 21 յունիսին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին:
Այս մրցաշարքին պատրաստուելու եւ անոր յաջորդող աշխարհի ախոյեանութեան զտումի վերջին երկու մրցումներուն (Յորդանանի եւ Սուրիոյ դէմ) պատրաստուելու նպատակով, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ քանի մը օրէ ի վեր Կիպրոսի մէջ կը կատարէ յատուկ բանակում մը, այսօր` երեքշաբթի, 19 յունիսի երեկոյեան կը վերադառնայ Պէյրութ:
Միւս կողմէ, կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ մրցումներուն տոմսակները կարելի է գնել առցանց` «Իհժոզ.քոմ» կայքէն:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ մրցաշարքին բացման օրը իր երգերով ելոյթ պիտի ունենայ լիբանանցի սիրուած երգիչ Նեժի Քոսթա, մինչ համակիրները առիթ պիտի ունենան շահելու պարգեւներ, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ ինքնաշարժ մը:





