Այս շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենայ Աւստրիոյ «Փորշ-սուփըր-Քափ»-ի ռելիի մրցումը, որ պիտի ըլլայ այս տարեշրջանի 3-րդ հանգրուանի մրցումը:
Օմանցի փորձառու վարորդ Ֆայսալ Զուպէյր, որ առաջին երկու հանգրուաններուն Պարսելոնայի եւ Մոնաքոյի մէջ կէտեր ապահովեց, յոյսով է, որ Աւստրիոյ մէջ եւս պիտի յաջողի յաւելեալ կէտեր ապահովել:
Ան երկրորդ տարեշրջանն ըլլալով կը մասնակցի «Փորշ-սուփըր-Քափ»-ի ռելիներու ախոյեանութեան:



