Ասիոյ գօտիին մէջ (Գ. խմբակ) տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 28 յունիսին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ ճակատի Յորդանանի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:30-ին:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը, նշենք, որ աշխարհի բաժակի այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 31 օգոստոսէն 15 սեպտեմբեր 2019-ին, Չինաստանի մէջ:
Յետադարձ ակնարկ մը կատարելով կարելի է նկատել, որ Լիբանան Յորդանանի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին չորս կէտի տարբերութեամբ (87-83) պարտութիւն մը կրեց դաշտին տիրոջմէն:
Գրաւելու համար խմբակին պարագլուխի դիրքը, Լիբանան կարիքը ունի աւելի քան չորս կէտի առաւելութեամբ յաղթանակի մը:
Այժմ Յորդանան ունի 8 կէտ, Լիբանան` 7, Սուրիա` 5, իսկ Հնդկաստան` 4:
Լիբանանցի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր ամէն ճիգ ի գործ դնել` ուղղուելու համար դաշտ եւ քաջալերելու համար մայրիներու կազմը, որ խիստ կարիքը ունի այդ քաջալերանքին: