Փերուէն իր կազմին` Աւստրալիոյ 2-0 արդիւնքով կրած պարտութենէն ետք, խումբի մարզիչ Պերթ Վան Մարվէյք յայտարարեց, թէ կը լքէ մարզիչի իր պաշտօնը:
Ան ըսաւ, թէ 2018-ի մոնտիալին խումբին արձանագրած արդիւնքները կը նկատէ գոհացուցիչ` նկատի ունենալով, որ ի յայտ եկաւ, որ իր կազմը առանց միջազգային աստղերու կրնայ լաւ ֆութպոլ խաղալ: