Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր առաջ Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբը դուրս մնաց Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալէն, երբ իր կատարած երեք մրցումներուն չկրցաւ յաղթանակ արձանագրել:
«Պի. Պի. Սի.» հաղորդեց, որ Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Հեքթոր Քուփըր իր հրաժարականը ներկայացուց Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնին` խումբին Ռուսիայէն հեռանալէն ետք:
Ան Եգիպտոսի խումբին մարզիչ նշանակուած էր 2015-ին:
Անոր հետ Եգիպտոս 2017-ին հանդիսացաւ ափրիկեան երկիրներու բաժակի մրցաշարքի արծաթէ մետալակիր, իսկ 32 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Եգիպտոս յաջողեցաւ մասնակցիլ աշխարհի ախոյեանութեան: