Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կը շարունակէ պատրաստուիլ Յորդանանի (28 յունիս) եւ Սուրիոյ (1 յուլիս) դէմ կատարուելիք մրցումներուն, որոնք կ՛իյնան աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ:
Այս երկու մրցումներուն տոմսերուն վաճառքը կը շարունակուի Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ:
Սովորական թրիպիւնին տոմսերուն գինն է 15 հազար լիբանանեան ոսկի: Անոնց գինը կը հասնի 35, 60 եւ մինչեւ 150 հազար լիբանանեան ոսկիի (պատուոյ թրիպիւն):