Արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա 2018-ի մոնտիալին գծով իր երկրին կատարած վերջին մրցումին այդքան ալ հանգիստ չէր թուեր:
Նիկերիոյ դէմ կատարուած յաղթական մրցումէն (2-1) անմիջապէս ետք ան ունեցած է առողջական խնդիրներ, երբ տակաւին կը գտնուէր պատուոյ թրիպիւնին մէջ:
Երէկ լրատու գործակալութիւններ, անդրադառնալով Մարատոնայի առողջական վիճակին, նշեցին, որ անոր մօտ թմրանիւթերու գործածութեան պարագայ յայտնուած է:
57 տարեկան Մարատոնա չէ ուզած հիւանդանոց փոխադրուիլ, որովհետեւ ինքզինք լաւ զգացած է այդ պատահարէն ետք:



