2018-ի մոնտիալին ծիրին մէջ, նախանցեալ օր տեղի ունեցած Թունուզ – Փանամա մրցումին ընթացքին, 51-րդ վայրկեանին Թունուզի յառաջապահ Պեն Եուսեֆ նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը:
27 տարեկան յառաջապահին այդ կոլը դարձաւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն 2500-րդը:
2006-ի մոնտիալին Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Մարքուս Ալպեք նշանակած էր մոնտիալներու պատմութեան 2000-րդ կոլը:
Վերոնշեալ մրցումին, Պեն Եուսեֆ նկատի առնուած էր իբրեւ պահեստի բերդապահ` նկատի ունենալով, որ միւս երկու բերդապահները վնասուածքներ ունէին:



