Թարակունայի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցող միջերկրականեան 18-րդ խաղերուն հինգերորդ օրը, պայքարի մէջ մտան լիբանանցիները` թենիսի եւ փինկ փոնկի մրցումներուն:
Թենիսի մրցումներուն, Հետի Հապիպ յաղթելէ ետք սպանացի իր մրցակիցին, ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը:
Իսկ տղոց զոյգի մրցումներուն, Ֆետի Հապիպ – Ճիովանի Սըմահա զոյգը, յաղթելով իր մրցակիցին, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Փինկ փոնկի աղջկանց անհատական մրցումներուն, Մալաք Խուրի արձանագրեց երեք յաղթանակ եւ կրեց պարտութիւն մը:
Իսկ տղոց մրցումներուն, թէեւ Մոհամետ Համիէ կրեց 2 պարտութիւն եւ արձանագրեց յաղթանակ մը, սակայն ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: