– Անուանի Ֆութպոլիստներ Մեսսի, Ռոնալտօ Եւ Ինիեսթա Հրաժեշտ Տուին Մոնտիալին
– Այսօր` Պրազիլ – Մեքսիքա Եւ Պելճիքա – Ճափոն
Ռուսիոյ մէջ կատարուող 2018-ի մոնտիալի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, չորս խումբեր ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:
Արձանագրուած արդիւնքները բաւական ծանր եղան ֆութպոլի պատմութեան մէջ իրենց անունը արձանագրած կազմերուն համար, որոնց կարգին էին Արժանթին, Փորթուգալ եւ Սպանիա:
Ֆութպոլի աստղեր Լիոնել Մեսսի, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Անտրես Ինիեսթա եւ ուրիշ շատեր եկան հրաժեշտ տալու աշխարհի ախոյեանութեան` գլխիկոր հեռանալով… Ռուսիայէն:
Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Անտրես Ինիեսթա երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ իր միջազգային ասպարէզը:
Յիշատակութեան արժանի եղաւ նաեւ այն, որ հիւրընկալ երկիրը` Ռուսիա, յաջողեցաւ մրցաշարքը շարունակել` փենալթիներով յաղթելէ ետք Սպանիոյ:
Ստորեւ` մրցումներուն նկարագրականները.
Ֆրանսա – Արժանթին` 4-3
«Քազան Արենա»-ի դաշտին վրայ, Ֆրանսա, որ ճակատեցաւ Արժանթինի դէմ, շուրջ 43 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը (կիսախաղ` 1-1):
Մրցումին հաշիւը բացաւ Անթուան Կրիզման, երբ փենալթիով նշանակեց Ֆրանսայի կոլը (13-րդ): Ապա, Անխել Տի Մարիա նշանակեց Արժանթինի հաւասարութեան կոլը (41-րդ):
Կապրիել Մարքատոյի նշանակած կոլին շնորհիւ (48-րդ), Արժանթին թէեւ 2-1 արդիւնքով յառաջացաւ, սակայն Ֆրանսա նշանակեց յաջորդական երեք կոլ` շնորհիւ Պենժամին Փաւարտի (57-րդ) եւ Քիլիան Մպափէի (64-րդ եւ 68-րդ):
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, Սերճիօ Ակուերօ նշանակեց Արժանթինի քիչ մը ուշացած կոլը (93-րդ), որ կացութենէն բան չփոխեց, եւ Արժանթին 4-3 արդիւնքով պարտուելով հրաժեշտ տուաւ մոնտիալին:
Մրցումին իրաւարարն էր իրանցի Ալի Ռեզա Ֆաղանի:
Այստեղ պէտք է աւելցնել, որ նախքան այս մրցումը, արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա սպանական «Մարքա»-ի հետ իր ունեցած կարճ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Ֆրանսա կը նկատուի տիտղոսին թեկնածուներէն` իր կազմին մէջ ունենալով անուանի ֆութպոլիստներ:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին բազմաթիւ տիտղոսներու տիրացած արժանթինցի աստղ Լիոնել Մեսսի դարձեալ չկրցաւ մոնտիալին տիտղոսը բարձրացնելու առիթը ունենալ եւ տխուր հեռացաւ Ռուսիայէն:
Ուրուկուէյ – Փորթուգալ` 2-1
1-16-րդ հանգրուանի երկրորդ մրցումը, որ Ֆիսթի մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ հանեց Ուրուկուէյը եւ Փորթուգալը` 44 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, աւարտեցաւ առաջին անգամ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկրին` Ուրուկուէյի յաղթանակով, 2-1 արդիւնքով:
Հարաւային ամերիկեան կազմին յաղթանակը կերտեց Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի, որ նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը (7-րդ եւ 62-րդ): Փեփէ նշանակեց Փորթուգալի կոլը (55):
74-րդ վայրկեանին Քաւանի վիրաւորուելով փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Ռէալ Մատրիտի աստղ եւ Փորթուգալի խմբապետ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ գրեթէ ոչինչ կրցաւ ընել եւ կոլ նշանակելու յիշատակելի ոչ մէկ առիթ ունեցաւ:
Այսպիսով, ան Մեսսիէն ետք հանդիսացաւ երկրորդ ֆութպոլի աստղը, որ լքեց պայքարը` չկարենալով հասնիլ քառորդ աւարտականին:
Կիսաւարտականի տոմս մը ապահովելու համար, Ուրուկուէյ պէտք է շրջանցէ նաեւ Ֆրանսայի արգելքը, որուն դէմ պիտի մրցի 6 յուլիսին:
Ռուսիա – Սպանիա` 4-3 (Փենալթիներով)
Լուժնիքիի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, որուն ներկայ գտնուեցան 78 հազար հանդիսատեսներ, հիւրընկալ երկիրը` Ռուսիա, կրցաւ գոհ ձգել իր հազարաւոր համակիրները, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց աստղերով հարուստ Սպանիոյ տինամիք կազմը:
Մրցումին 12-րդ վայրկեանին, Սպանիա 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ, երբ Սերկէյ Իկնաշեւիչ սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց:
Սակայն 41-րդ վայրկեանին, Ռուսիա յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1), երբ Արթեմ Տզիւպա փենալթիով նշանակեց դաշտին տէրերուն հաւասարութեան կոլը:
Նկատի ունենալով, որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, դիմուեցաւ երկարաձգման: Այդ միջոցին եւս կոլ չնշանակելով, յաղթական խումբին անունը յստակացնելու համար դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն:
Ռուսիա պէտք չունեցաւ իր հինգերորդ փենալթին հարուածելու` նկատի ունենալով, որ սպանացի մարզիկները երկու փենալթի չկրցան իրենց նպատակին հասցնել, մինչ ռուս չորս մարզիկներուն հարուածած փենալթիները եղան անսխալ, եւ այսպիսով Ռուսիա 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հաստատ քայլերով ուղղուեցան դէպի քառորդ աւարտական:
Օրուան իրաւարարը հոլանտացի էր:
Դանիա – Խրուաթիա` 2-3 (Փենալթիներով)
Երէկուան երկրորդ մրցումը եւս, առաջինին նման, վերջ գտաւ փենալթիներու հարուածներով, որոնց իբրեւ արդիւնք Խրուաթիա արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը` Դանիոյ դէմ:
Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 հաւասարութեամբ:
Մաթիաս Ժոերկենսըն առաջին իսկ վայրկեանին նշանակեց Դանիոյ կոլը, մինչ Մարիօ Մանծուքիչ` Խրուաթիոյ հաւասարութեան կոլը (4-րդ):
Երկարաձգման ընթացքին, Լուքա Մոտրիչի փենալթին (116-րդ) զսպեց Քափեր Շմայքըլ, որ Փիթըր Շմայքըլի որդին է:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Խրուաթիա քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Ռուսիոյ դէմ:
Օրուան իրաւարարն էր Նեսթոր Փիթանա (Արժանթին):
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, յայտագիրը հետեւեալն է (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
| ԺԱՄ | |
| Պրազիլ – Մեքսիքա 17:00 | 17:00 |
| Պելճիքա – Ճափոն 21:00 | 21:00 |







