«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող աստղերէն Լեպրոն Ճէյմսի գործակատարը յայտնեց, որ 33 տարեկան մարզիկը իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ:
Նշուեցաւ, որ չորս տարուան պայմանագրութեան դիմաց ան պիտի գանձէ 154 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Վերջին չորս տարիներուն բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրող Լէյքըրզ կը փորձէ եւ մեծ աշխատանք կը տանի, զօրացնելու իր շարքերը` 2018-2019 տարեշրջանին լաւ արդիւնքներու հասնելու համար:



