
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան յայտարարեց, թէ ինք կը հեռանայ փորթուգալեան Մարիթիմոյէն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնց հետ գործակցեցաւ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին:
Ցարդ յայտնի չէ, թէ հայ ֆութպոլիստը ո՛ր ակումբին պիտի միանայ: