Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ չի պատրաստուիր մասնակցելու Հայաստանի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
«Կեանքիս մեծագոյն սխալը կը նկատեմ այն, որ մտած եմ քաղաքականութեան մէջ: Այսուհետեւ երբեք այդ սխալը պիտի չկրկնեմ:
«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահական ընտրութիւններուն, ես երբեք չըսի, թէ պիտի չմասնակցիմ անոր: Եթէ կայ անձ մը, որ կ՛ուզէ այդ պաշտօնին իր թեկնածութիւնը առաջադրել, թող հրապարակ իջնէ: Կը կարծեմ, որ ես միակ անձն եմ, որ թեկնածութիւնս առաջադրած եմ», ըսաւ Հայրապետեան:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահական արտակարգ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան փետրուար 2019-ին:



