«Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ վաղը` կիրակի, 1 յուլիսին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կը մրցի Սուրիոյ դէմ: Այս մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:30-ին:
Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունենալիք վաղուան այս մրցումը Լիբանանի եւ այլ կազմերու համար պիտի ըլլայ վերջին` աշխարհի բաժակի մրցաշարքին Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Անոնց աւարտէն ետք, խումբերը այլ մրցումներ եւս ունին կատարելիք Բ. հանգրուանին ընթացքին, նախքան Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովելը:
Նախանցեալ օր, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը իր յաղթանակը արձանագրեց ներկայութեամբ իր հազարաւոր համակիրներուն, որոնք մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած էին:
Վաղուան մրցումին եւս կ՛ակնկալուի նոյնը, երբ բոլորին ժամադրավայրը ըլլայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրը:
Երէկ յայտարարուեցաւ, որ համակիրներուն դաշտ մուտքը պիտի ըլլայ անվճար, ինչ որ կարեւոր կը նկատուի դաշտը ողողելու համար համակիրներով, ինչպէս նաեւ ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրելու համար: