Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ երէկ իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնին համար նշանակուելիք նոր նախարարը պէտք է լաւապէս տեղեակ եւ հմուտ ըլլայ մարզաշխարհէն, որովհետեւ ատոր շնորհիւ է, որ ակումբներն ու անհատները յառաջխաղացք եւ արդիւնք կ՛արձանագրեն իրենց կատարած մրցումներուն ընթացքին:

Ան առանց բառերը ծամծմելու ըսաւ, թէ Մոն Լա Սալի նախագահ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ բոլոր տուեալները ունի ստանձնելու այդ պաշտօնը, որ անկասկած պիտի ըլլայ ի շահ Լիբանանի:
«Փորձեցէ՛ք նշանակել Ժիհատ Սալամէն այդ պաշտօնին համար եւ պիտի տեսնէք, որ ան հարիւր տոկոսվ պիտի արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը», ըսաւ Զարիֆէ: