Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին աստղերէն Տիեկօ Մարատոնա 2018-ի մոնտիալին ընթացքին Ռուսիոյ մէջ գտնուելուն համար օրական կը ստանայ 11 հազար եւրօ, կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Ան ընդգրկուած է ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի կողմէ կազմուած «Անցեալի ֆութպոլի աստղերու խումբին» մէջ, որուն անդամները աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին պէտք է մասնակցին տարբեր տեսակի միջոցառումներու:
ՖԻՖԱ-ն կը հոգայ նաեւ արժանթինցիին փոխադրութեան եւ կեցութեան ծախսերը:



