Ասիա – Ովկիանիա գօտիին Գ. խմբակին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մրցեցաւ Սուրիոյ դէմ, բաւական մեծ` 37 կէտի տարբերութեամբ, 87-50 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` Սուրիոյ:
«Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ գտնուեցան լիբանանցի հազարաւոր համակիրներ, որոնք եկած էին քաջալերելու իրենց կազմը:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ամիր Սէուտ (28), որ թրի փոյնթի 9 փորձերէն նշանակեց 8-ն: Լիբանանէն երկրորդ լաւագոյն սքորըրը հանդիսացաւ Սեմ Եանկ (14):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, թէեւ Լիբանան Յորդանանի նման ունեցաւ 11 կէտ, բայց վերջինս կոլ-էվըրէյճի տարբերութեամբ կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Սուրիա, որ ունի 8 կէտ, անոնց հետ միասին ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Նշենք, որ 2019-ին, 31 օգոստոսէն 15 սեպտեմբեր տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին կը մասնակցին 32 խումբեր` հետեւեալ ձեւով.
Ափրիկէ` 5, Ամերիկեան երկիրներ` 7, Ասիա-Ովկիանիա` 7, Եւրոպա` 12 եւ հիւրընկալ երկիրը` Չինաստան:
Լուսանկարները Տրամադրեց
PROFOTO





